Friday, December 27, 2019


ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ կամ ԿԱՂԱՆԴԸ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
(Նիւր Տարա կամ Կաղիւնտ)
                                                                                 
                                                       - Յակոբ Չոլաքեան
(1950-ական թուականներէն առաջ)

Ամանորի գիշերուան համար տանտիկինը յատուկ պատրաստութիւններ կը տեսնէր: Ամենէն առաջ տան ծխնելոյզը կը մաքրէր երկար ցախաւելով եւ կրականոցին («կրէքիւց») շուրջը կը փայլեցնէր ճերմակ հողի ցեխաջուրով: Տունը, թոնիրն ու բակերը մաքրութիւն կը բուրէին: Ամբարէն կը հանէր թուզի ընտիր չիրը, չամիչը, պաստեղը, «սուճուխ»ը (խաղողի շիրայով պատած ընկոյզ), «մըլպի»ն (թուզի պաստեղ), ընկոյզը, կը բովէր բեւեկ, թրջած ցորեն ու սիսեռ, կը խառնէր իրարու: Չոր միրգերն ու բովածը (գավուրմու) կը դնէր ծեղէ ամաններու մէջ (սընտաղբէկ), ինչպէս նաեւ յարդանոցին մէջ պահուած պտուղները՝ խնձոր, տանձ, նուռ, սերկեւիլ, նաեւ՝ նարինջ, ադամաթուզ: Ասոնք օղիին ու գինիին հետ Նոր Տարուան գիշերէն սկսեալ անպակաս կ’ըլլային սեղանէն մինչեւ Ս.Ծնունդի երկրորդ շաբաթը:
Նոր Տարուան նախօրէին կիները փոխօգնութեամբ թոնիր կը մտնէին, որ բոկեղ պատրաստեն ու ձէթով շաղուած համեմներով հացեր՝ մածնաշոռով, ծոթրինով, պղպեղի մածուկով, ճիվթով (ձիթապտուղի կեղեւով):
Նոր Տարուան գիշերը մօտիկ ազգականներ ու դրացիներ, մեծ ու պզտիկ, իրարու կ’այցելէին: Իրար կը հիւրասիրէին չիրեղէնով, պտուղով եւ որսի խորովածով, բոկեղով, համեմուաած հացի տեսակներով: Ոչ ոք տունը կը պարպէր կամ ճրագը կը մարէր: Կէս գիշերին կը հնչէր եկեղեցւոյ կոչնակը, կ’որոտային հրացանները: Գիւղացիք տան լոյսերը կը մարէին, դուռը կը բանային ու դուրս կ’ելլէին՝ հաւատալով, որ հին տարուան չարքերը դուրս դնելու եւ Նոր Տարուան բարիքները ընդունելու պահն է, ապա լոյսերը վառելով կարգով կը շնորհաւորէին զիրար:
- Շընըֆուր Նիւր Տէրէդ (շնորհաւոր Նոր Տարիդ):
- Բէրը Նիւր Տարա ըննու (բարի Նոր Տարի ըլլայ):
Փոքրիկները կը համբուրէին պապուկին ու նանարին, հօր ու մօր ձեռքը, իսկ անոնք ալ նուէրներ կու տային փոքրիկներուն: «Կաղիւնտը իբից» (Կաղանդը բերաւ) կ’ըսէին: Մեծերն ալ իրարու նուէրներ կու տային:
- Բէ՛րը Կաղիւնտ ըննու, շընըֆուր ըննու (բարի Կաղանդ ըլլայ, շնորհաւոր ըլլայ),- կ’ըսէին իրարու՝ համբուրուելով ու ձեռք սեղմելով:
Կաղանդի առաւօտ կը սկսէր թաղին պզտիկներուն գլխաւոր գործը: Անոնք դպրոցական իրենց կտաւէ պայուսակը (չէնթիկ) կը զարնէին ուսերնուն, ձեռքերնին կ’առնէին «դունդուլպազա»ն ու դռնէ դուռ վազելով կը շնորհաւորէին գիւղացիներուն Նոր Տարին: «Դունդուլպազա»ն բազուկի երկարութեամբ, ծայրը գնդաձեւ լախտ մըն էր, զոր մեծերը պատրաստած կ’ըլլային նախօրօք: Ոմանք լախտին գնդաձեւ գլուխը կը զարդարէին գամերով: Այդ օր որքան ալ ցուրտ ըլլար՝ տուներուն դռները բաց կը մնային: Փոքրիկները լախտով երեք անգամ կը զարնէին դուռը ու կը պոռային.
- Շընըֆուր ձիր Կաղիւնտը (շնորհաւոր ձեր Կաղանդը):
- Քուօյն իլի, եավրում, բէրը Կաղիւնտ ըննու (քուկդ ալ, որդի, բարի Կաղանդ ըլլայ).- կ’ըսէր տան մեծ կինը ու կը լեցնէր տղոց պայուսակները մէկական ափ չամիչ, խառն բոված, քանի մը ընկոյզ, պաստեղ կամ այդ օրերուն համար հազուագիւտ պտուղ մը՝ խնձոր, նուռ ու նարինջ: Ի՜նչ հաճելի սովորութիւն էր ասիկա, հարուստ-աղքատ չկար, ամեն փոքրիկ կ’ուզէր այդ օր «կաղընտիլ»: Եւ որքան կ’ուզէինք մենք՝ մեր գիւղին մէջ՝ Գարատուրան, շուտ հասնիլ Չիւրկինց Նանարին տունը, ուր բացառիկ Կաղանդ կը գտնէինք՝ նուռ, խնձոր, ադամաթուզ (մաթէօզ< մաթուզ) ու նարինջ...: Ուրիշ ո՜վ ունէր որ...:
- Շէն մնաք, բէրը մընաք,- կ’ըսեն փոքրիկները:
- Տումիք, է՛մըն տարա եաս ուօրը (ապրի՛ք, ամէն տարի այս օրը),- կ’ըսէր տղոց կաղանդ բաժնող կինը, մինչ տղաք անհամբեր կը վազէին ուրիշ տուն մը:
Անշուշտ մեծահասակներ ալ «կաղընտել»ու կ’ելլէին, մինուճար ծերեր կամ այրի կիներ, որոնք ապրուստի բաւարար միջոցներ չունէին: Անոնց պարկը կամ մանտիկը կը լեցուէր ձաւար, շիշ մը ձէթ, քիչ մը չորթան, ալիւր եւ այլն: Պարկը ուր որ լեցուէր՝ տանտէրը էշով ճամբուն վրայ տուն կը հասցնէր «կաղանդը», այսինքն՝ Նոր տարուան հաւաքուած նուէրը: Այդ մինուճար կիներուն ապրուստն էր «կաղանդը»:
Պատանիներուն համար արկածախնդրական Կաղանդը կը սկսէր երկրորդ իրիկունը, մութը կոխելէ ետք: Երկու-երեք պատանի խումբ մը կազմած կ’երթային «կախվըսնիլը» (կախել բային պատճառակերպը՝ կախ-ու-եցնել): Ասիկա նաեւ չարաճճի խաղ էր: Թիթեղէ տուփի մը կանեփէ չուան մը կը կապէին ու կ’ելլէին ճամբայ: Գաղտագողի կը մօտենային տան ետեւը եւ ստուգելէ ետք, որ մարդ-մարդասանք չկայ՝ տանիք կ’ելլէին: Կէս գետնափոր միայարկ տուները ետեւէն այնքան ցած էին որ..: Երկյարկանի տուները սանդուղք ունէին: Տանիքին վրայ ծխնելոյզին (փուխերիկ) սալը կ’իջեցնէին ու թիթեղէ տուփը կամացուկ մը կ’իջեցնէին վար՝ «կրէքիւց»ին վրայ: Տնեցիները, երբեմն հիւրեր ալ, տօնական տրամադրութեամբ կը զրուցէին: Ու յանկարծ՝ բոցերուն վրայ թիթեղ մը կը կախուէր: Տանտիկինը արդէն պատրաստած կ’ըլլար «կաղանդ»ը.
- Վայրկեան մը սպասեցէք, ձագուկնե՛ր, «կաղանդ»ը դնեմ՝ յետոյ քաշեցէք,- կ’ըսէր:
«Կաղանդը» այս անգամ կ’ըլլար մետաղադրամ կամ համով ու հազուագիւտ բան մը: Տան այրը կը յանդիմանէր իբր թէ լուրջ.
- «Զըխըմ» դիր, թող քաշեն, կորսուին:
Թիթեղը կ’ելլէր: Եթէ գոհ չմնային նուէրէն՝ տուփը նորէն կ’իջեցնէին, կամ ալ ափ մը աղ թափելով ծխնելոյզէն՝ կը փախէին: Կրակը կը ճարճատէր աղին պատճառով, կայծերը կը թռէին հոս ու հոն: Երբեմն երկար ճիւղով մը ծխնելոյզը կը քերէին, որ տունը մուրով լեցուէր: Վա՜յ եկեր էր այն կնոջ, որ Նոր տարիէն առաջ ծխնելոյզը ցախաւելով մաքրած չըլլար:
- Հա՜, եկայ ձեզի,- կ’ըսէր տանտէրը իբր թէ տեղէն ելլելով ու շունը կանչելով:
Բայց սովորաբար խաղաղ կ’անցնէր.
- Քաշեցէք, եավրո՛ւմ, բարի Կաղանդ ձեզի, չմոռնաք ծխնելոյզին վրայ սալը դնելու,- կ’ըսէր կինը վարէն:
«Կախվըսնող» տղաքը չէին հետապնդուեր:
Անշուշտ նոր երեւոյթներ են Կաղանդ Պապան եւ Կաղանդի ծառը, որոնք ԺԹ.դարու երկրորդ կէսէն ետք ընդհանրացան, երբ օտար միսիոնարներ եւ Կ. Պոլսոյ կողմերէն ուսուցիչներ եկան մեր կողմերը: Կաղանդ Պապան եւ Կաղանդի ծառը նախ դպրոցներուն մէջ, ապա կամաց-կամաց երեւցան տուներուն մէջ: Ամեն տուն Կաղանդի ծառ կը զարդարէր: Պատանիները Կաղանդի ծառը կը բերէին անտառէն, ծրդի կամ փիճի թուփ մը, որ այնքան շատ է շրջանին մէջ:
Դեռ մինչեւ այսօր ընդհանրացած երեւոյթ է Նոր Տարին դպրոցներուն մէջ տօնելը: Հայրենադարձութենէն առաջ ամէն գիւղ ու թաղ իր դպրոցը ունէր: Դպրոցի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները եւ խնամակալ մարմինները (յատկապէս տիկնանց մասնաճիւղերը) այդ գիշերուայ համար տօնածառ կը պատրաստէին բեմին վրայ: Յայտագիրին մէջ տեղ կը գտնէին կերուխում, վիճակահանութիւն, նուիրատուութիւններ դպրոցին: Փոքրիկները կ’երգէին, կը պարէին, փոքրիկ թատերախաղ մը կը ներկայացնէին: Կաղանդ Պապան (հոգաբարձու մը) կու գար, փոքրիկներուն նուէր կը բերէր անպայման «Հայաստան»էն: Քեսապցի փոքրիկները կը հաւատան, որ «Կաղանդ Պապային երկիրը Հայաստանն է, ձիւնածածկ լեռներու երկիրը»:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով տրուած արձակուրդին հայրենի գիւղ վերադարձած կ’ըլլային դուրսը, տարբեր քաղաքներ գացած ուսանողները, պաշտօնեաներն ու բանուորները:
Քաղուած ՔԵՍԱՊ Բ.գիրքէն




No comments:

Post a Comment