ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ
Հայրենիքի մը նման,
Իմ պապերուն բնօրրան,
Դուն իմ պատիւ, իմ պարծանք,
Պապենական սէգ ժառանգ:
Բնութիւնդ աննման,
Դրախտ մըն է անթառամ,
Աղբիւրներդ միշտ զուլալ,
Կը կարկաչեն անդադար,
Լեռներդ են երկնահաս,
Պարիսպի պէս կուռ, անհաս:
Պատմութիւնդ ահռելի
Կրկնուեր է ցաւալի:
Որդիներդ քաջարի,
Պահեր են քեզ, որ ապրիս,
Սուրբ գիրովը Մեսրոպի:
Կը պահենք քեզ հարազատ,
Կը պահենք քեզ անաղարտ,
Դուն փոքրիկ իմ Հայաստան,
Մնաս հպարտ, անսասան:
Աստղիկ Դանիէլեան
(Ժ. Կարգ) Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
(Ժ. Կարգ) Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
No comments:
Post a Comment