Monday, April 30, 2018

«ՔԵՍԱՊ…2014. ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ» - Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ



«ՔԵՍԱՊ…2014. ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ»

Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան


Քեսապը՝ ինչպէս իւրաքանչիւր քեսապցիի համար, այնպէս ալ իւրաքանչիւր սուրիահայու հոգիին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ։ Այս գիւղը փոքրիկ Հայաստան է թէ՛ բանակող պատանիին, թէ՛ արշաւող երիտասարդին, եւ թէ ամառնային հանգստաւէտ արձակուրդ փնտռողին համար։ 21 Մարտ 2014-ի զինեալ ծայրայեղ խմբաւորումներու վայրագ եւ անակնկալ ներխուժումը ցնցեց ամբողջ հայութիւնը, սակայն երբեք չկոտրեց անոր կամքը՝ կրկին վերադառնալու եւ վերականգնելու Քեսապը։
Թէեւ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան բնիկ քեսապցի չէ, բայց անոր սիրտն ու հոգին կը շնչեն Քեսապով։ Այս իսկ պատճառով 21 Մարտ 2014-ի տեղահանութենէն Քեսապ վերադառնալով, իր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ վաւերագրական աշխատանքի մը ձեռնարկելը, որուն հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ՝ Ցոլեր եւ Շողեր Մանճիկեաններուն։
«Քեսապ… 2014 Տեղահանութիւն եւ Վերադարձ» աշխատութեան մէջ տեղ գտած դէպքերու զարգացումը, այդ օրերուն քեսապցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, հիասթափուած բայց չյուսահատած քեսապցիին մարդկային, հոգեկան խառն ապրումները՝ ականատեսի աչքով վկայութիւններ են, միաժամանակ վաւերագրական աշխատանք մը, որուն կարելի է վստահիլ։
63 էջերէ բաղկացած աշխատութիւնը կը բացուի յառաջաբանով, ուր հեղինակը հակիրճ կերպով անդրադարձած է վերջին տարիներուն Քեսապի ծաղկող ու զարգացող տնտեսական եւ մշակութային կեանքին։ Քեսապի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան մէջ ճակատագրական թուականներու յիշատակում կատարելէ ետք, հեղինակը մանրամասնօրէն եւ ականատեսի վկայութեամբ քայլ առ քայլ գրի առած է 21 Մարտ 2014-ի ծանրակշիռ դէպքերու զարգացումը՝ կրակոցի առաջին ձայները, դղրդալի պայթումները, ընտանիքի անդամներու հոգին փրկելու համար պապենական աւանէն հեռացումը, դէպքերու զարգացումը, ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու տրամադրուած օժանդակութիւններու ընթացքը, հասնելով մինչեւ 15 Յունիս 2014՝ Քեսապի ազատագրումը, երբ պետական, ազգային ներքին եւ արտաքին լարուած ճիգերով անյապաղօրէն վերստին բնակելի դարձաւ Քեսապը։
Յաջորդող էջերով հեղինակը, հիմնուելով Քեսապի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինի տուեալներուն վրայ, վիճակագրական տարբեր ցուցակներով ներկայացուցած է Քեսապի ընտանիքներուն թուային պատկերը՝ համայնքային պատկանելիութեամբ, Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Բարեյոյս վարժարանի 2014-2015 եւ 2016-2017 աշակերտութեան թուապատկերը եւ բնակչութեան թիւը տեղահանութենէն ու վերադարձէն ետք։
Վերջին բաժինով հեղինակը նկարներով ընթերցողին ներկայացուցած է տեղահանութենէն ետք Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Վարժարանի սրահներուն մէջ ապաստան գտած քեսապցիներուն վիճակը, բարեսիրական նպաստներն ու օժանդակութիւնները, հոգեւոր պետերու, ազգային եւ պետական հիւրերու այցելութիւնները, քեսապցի նահատակ երիտասարդներու լուսանկարները, Քեսապի աւերուած եւ վերականգնուած եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները։
Այս աշխատութիւնը լաւագոյն փաստն է սուրիահայու անկոտրում կամքին ու աննկուն հաւատքին, որ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, կը շարունակէ իր առանցքային դերակատարութիւնը ունենալ սուրիահայ համայնքը կանգուն պահելու եւ գործնականապէս նեցուկ կանգնելու վերականգնումի ամբողջական ծրագիրին։

Սեւան Շահպազեան

No comments:

Post a Comment