Saturday, June 24, 2017

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 99-Ամեակէն Ետք - Կարօ Վ. Մանճիկեան




Համարեա բոլորս ականատես եւ ականջալուր եղանք Հայաստանի` մեր հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններուն մէջ կազմակերպուած, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հրաշափառ ծնունդի` 99-ամեայ անկախութեան տօնակատարութիւններուն:
Տասը եւ աւելի օրեր, անընդհատ, զանգուածային լրատուամիջոցներ, հեռատեսիլի կայաններ, թերթեր, ելեկտրոնային հեռարձակման արդի միջոցներ գեղեցկօրէն զարդարեցին, քաղցրօրէն հնչեցուցին, այս «աստուածածին անկախութեան» 99-ամեակի տօնախմբութիւնները:
Աւելի քան 70 տարիներ բրտօրէն, բռնի մոռացութեան տրուած էր այդ սուրբ թուականը Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն թէ սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածին կողմէ: Մուրի եւ մոխիրի տակ փորձեցին թաղել այդ թուականները կերտողներուն ո՛չ միայն սխրանքները, այլ նաեւ` անոնց արեւափայլ անունները:
Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն այդ հերոսներուն կարեւոր մէկ մասը վտարանդի դարձաւ, իսկ մնացեալ մասը, իր ընկերներուն, անկախութիւնը կերտած ազգային հերոսական բանակի սպայակազմին հետ, իբր թէ ղրկուեցաւ Թիֆլիս, սակայն հանգրուանեց Սիպիրի անծայրածիր «սառուցեալ դժոխքի» տափաստանները:
Այդ եօթանասունամեայ ճամբուն վրայ, Մայիս 28-ի յիսնամեակի հանգրուանին ականատես դարձանք Սարդարապատի յուշահամալիրի կառուցումին, որով միտում կար ոչ թէ անմահացնելու այդ եւ անոր ժամանակակից Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն հերոսական, իսկական ղեկավարներուն անունները, այլ ծծելով ժողովրդային յիշողութեան նոր զարթօնքը, կը նպատակադրէր շեղել անոր մտասեւեռումը` նենգափոխելով պատմութիւնը, մոռացութեան տալով անոնց ոչ միայն անունները ընդհանրապէս, այլ յատկապէս անունը այդ ճակատամարտերուն ռազմադաշտ, ազատամարտի մղելու համար ուժերը համախմբող կազմակերպութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր անզուգական ղեկավարներուն, բայց մանաւանդ գլխաւորին` «անունն անթառամ» Մանուկեան Արամին:
Եօթանասուն երկար տարիներ անկախ հանրապետութեան եռագոյնը ծածանելու փոխարէն` Հայաստանի կապուտակ ու ջինջ երկինքին տակ, շարունակեց ալեծփալ աշխարհի տարածքին ցրուած սփիւռքի հայորդիներու սրտերուն մէջ, մինչեւ որ հասաւ նոր արշալոյսը, փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը, եւ վերանկախացաւ Հայաստանը` կազմելով Բ. հանրապետութիւնը:
Վերանկախացման առաջին տասնեակ տարիները խառնաշփոթ օրեր էին, մանաւանդ մտքերու եւ գաղափարներու քաոս կը տիրէր:
Վտարանդիութենէ «ժառանգուած» Եռագոյնը թէ ազգային զինանշանը, այլանդակելու, մերժելու զանազան եւ երբեմն քստմնելի փորձեր եղան պատահական գործիչներու կողմէ:
Կը յիշեմ` կրթութեան անցողակի նախարար մը, գաճաճ մը, նոյնիսկ փորձ կատարեց նորոգ պատրաստուող հայոց պատմութեան էջերէն վերացնել «տխուր ու թախծոտ» թուականները,  ինչպիսին էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, իբր թէ հայոց պատմութեան մէջ սակաւ են այդպիսի թուականներ: Ան ուզեց պարտադրել իր սեփական «հայոց պատմութիւնը»:
Երեւան եկան այլ «փանջունիներ», որոնք մեր սուրբ զինանշանը անուանեցին գազանանոց, թէեւ զայն թեթեւ մը «կլորցնելով» յաջողեցաւ պահել նոյնը: Նոյնիսկ եկաւ պահ մը, երբ համազգային համաձայնութեամբ ընդունուած ազգային քայլերգին հասցէին արձակուեցան անընդունելի որակումներ, հիւանդագին մտքի տէր անձնաւորութիւններ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ ունենալով իրեն նեցուկ, ուզեցին փայլատակումներ կատարել, քայլերգի նոր նմուշներ առաջարկեցին, կարծես թէ ազգային քայլերգը գրուած է պարահանդէսի մը համար եւ պէտք է ըլլայ…մոտայիկ:
Եւ այսպէս, ժամանակը թաւալելով, իր գլաններուն տակ ճզմեց, տափակցուց եւ գետնին հաւասարեցուց այն արհեստական փորձերը (եւ անոնց տէրերը), որոնք կը փորձէին վերոյիշեալ երեք սրբութիւնները նենգափոխելով` նսեմացնել, մոռացութեան տալ:
Սակայն, փաստօրէն, այսօր եռագոյնը բարձրօրէն կը ծածանի հայոց երկնակամարին տակ, զինանշանը` թէկուզ «կլորցուած», գտած է իր սէգ բարձունքը, իսկ մեր մանուկներէն մինչեւ տարեցներուն շրթներուն քաղցրօրէն կը հնչէ մեր քայլերգը` «Մեր հայրենիքը»:
* * *
Արդէն անցած են այդ 99 տարիները եւ եկած հասած ենք 100-ամեակի նախաշեմին: Այս տողերս գրելու պահուն 100-ամեակին մնացած են 350 օրեր: Սակայն տակաւին կան այդ երթը, մեր մտածումներուն անդորրութիւնը խանգարող կարգ մը երեւոյթներ, որոնք կը մռայլեն եռագոյն պատկերը:
Նախ զարմանալի կը թուի, թէ ինչո՛ւ փորձ կը կատարուի անպայման «մրցակից ախոյեան մը» ստեղծելու, փչելով ուռեցնելու` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներու գլխաւորին` Արամ Մանուկեանին դէմ յանդիման:
Այսպէս փորձենք բացատրել:
Սեբաստացի Մուրատը` Սասունի Բ. ապստամբութեան հերոսը, Պաքուի հերոսամարտի հրամանատարը, ապա նահատակը, որքան ալ մեր սրտերուն համար սիրելի ու յարգելի ըլլայ, մանաւանդ որպէս դաշնակցական մարտիկ-նահատակ, չի կրնար առնել տեղը մայիսեան մարտերու հերոսներուն` զօրավարներ Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Փիրումեանի, Դրոյի…եւ այլն, որոնք անպայմանօրէն (բացի Դրոյէն) դաշնակցականներ չեն: Այդ մարտերու գլխաւոր հրամանատարը զօր. Նազարբեկեանն էր` անկուսակցականը, եւ ոչ թէ` դաշնակցականը, մարտիկ-նահատակ Մուրատը: Թէկուզ Պաքուի հերոսամարտը, ոչինչով նուազ է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մարտերէն: Գիտենք, որ Պաքուի հերոսամարտը դարձաւ թումբը, պատուարը Խալիլ փաշայի թուրք-թաթար բանակին դէմ յանդիման, որ կը փորձէր Արցախի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի վրայով ներխուժել Արարատեան դաշտ, հարուածել մարտնչող հայկական բանակներուն թիկունքը` միանալու համար Անատոլուի թրքական բանակներուն, եւ առյաւէտ միացնելով օսման Թուրքիան, միջին ասիական թրքալեզու իշխանութիւններուն, վերականգնելով թուրանական կայսրութիւնը…
Զօր. Դրոն` Դրաստամատ Կանայեանը, դաշնակցական խմբապետ-զօրավարը իր իւրայատուկ տեղը ունենալով հանդերձ, չի կրնար տեղադրուիլ հայկական զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Թովմաս Նազարբէկեանին պատուանդանին: Որեւէ բիրտ ու բռնի տեղափոխութիւն` պատմութեան նենգափոխում է, մէկ խօսքով:
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ արհեստականօրէն տեղադրուած Լենինի արձանը վար առնուեցաւ իր պատուանդանէն, երբ «պատմութեան ժամը» հնչեց:
Իսկ հիմա արդեօք չէ՞ հասած պահը` Արամ Մանուկեանի անուան վրայ արհեստականօրէն ստեղծուած ամպը փարատելու եւ այդ հրապարակին իր պատմական ու նիւթեղէն պատուանդանին վրայ տեղադրելու անոր մէկ փառաշուք արձանը:
Հրապարակն ալ անոր անուամբ կոչելու չէ՞:
Ե՞րբ պիտի գայ պահը Հայաստանի հայացման տիտաններէն` Ռուբէն Տէր Մինասեանի (հայդուկապետ եւ պաշտպանութեան նախարար), անունը, գործը դուրս բերելու բրտօրէն բանտուած նկուղներէն (պետական եւ ժողովրդային չափանիշով): Առանց անոնց, Հայաստանի փոխարէն, կ՛ունենայինք «Թաթարաստան»:
Չէ՞ հնչած պահը, որ 1880-էն մինչեւ 1921 թուականներ Հայաստանի ազատագրութեան դատին համար մարտնչած ու նահատակուած իւրաքանչիւր հայդուկի, խմբապետի, գործիչի թէ ղեկավարի տրուի իր պատմական արդար ու ճշգրիտ տեղը, անկախ անոր կուսակցական պատկանելիութենէն` հնչակեան ըլլայ թէ դաշնակցական:
Զարմանալի է՞, թէ ինչո՛ւ մեր պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերը կերտողներուն  անունները մեր պատութեան մէջ մոռացութեան կու տանք անոնց կուսակցական պատկանելիութեան պատճառով:
Որո՞ւ պարտք ձգուած է ճշգրիտ պատմութիւնը գրելը` մե՞ր, թէ՞ թշնամիներու պատմաբաններուն:
Հարիւրամեակի շեմին կը փափաքիմ վերստին խոշորացոյցի տակ բերել, նախապէս, իմ թէ ուրիշներու կողմէ արծարծուած այլ ժխտական երեւոյթ մը:
Արամ Մանուկեանի անուան փողոցին վրայ, Աբովեան փողոցին մօտիկ կէտի մը վրայ, կիսափուլ, արտաքին պատը կանգուն մնացած, լռութեամբ իր վախճանը կ՛ապրին այդ մեծանուն ռահվիրային բնակած տան փլատակները:
Փառապանծ հերոս, անփառունակ բնակարան. վրան ալ կպցուած ցուցատախտակ մը, որուն վրայ գրուած է (մօտաւորապէս) հետեւեալը.
«Այս տանը բնակուել է Արամ Մանուկեանը».
Ամօթէն թէ նենգութենէն գրուածը միայն  այսքան է:
Ճակատի պատին ետին (որ ի դէպ, շատ չի դիմանար բնութեան թէ մարդկութեան «կատակներուն»), կ՛երեւան… աղբակոյտեր:
Այո՛, կը ներէք անկեղծութեանս… աղբակոյտեր:
Եւ ան ալ վերստին անկախացած եւ 25-ամեայ երթ արձանագրած Հայաստանի մէջ` մեր ու իշխանութիւններուն քիթին տակ:
Ես ինծի հարց կու տամ: Խորհրդային վարչակարգը խաւարի մէջ թաղեց Արամին անունը, պատմութիւնը: Իսկ այժմ, անկախութեան վարչակարգի օրով, անոր տունը թափօններու տա՞կ:
Կը լսենք (չեմ կրցած հաստատել, գուցէ եւ` զրպարտանք…), թէ տան նոր իրաւատէրը կ՛ուզէ զայն… չեմ գիտեր` ինչի՞ վերածել:
Հարց կու տամ` «չեմ գիտեր` ի՞նչ», թէ՞ տուն թանգարան:
Գիտեմ, որ վերջին տողերը կծու եւ ծանր եղան: Բայց աւելի թեթեւ, քան` այդ տան դառն իրողութիւնն ու իրավիճակը:
Գուցէ եւ քիչ մըն ալ շուք եւ ամպ պիտի ձգէ 99-ամեակի զուարթ ու շքեղ տօնախմբութիւններուն վրայ:
Սակայն նախանձախնդիր ըլլալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնները ըլլան պատմական խախտումներու վերականգնումով, վերստին ձայնս կը բարձրացնեմ` ձայնակցելով ինծի նման աղաղակողներու, որ գէթ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի տօնակարութիւնները սկսին Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանի բացումով եւ անոր հոյակերտ արձանին տեղադրումով Հանրապետութեան հրապարակի յարմարագոյն վայրը, պատշաճ պատուանդի մը վրայ:
Քեսապ, 14 յունիս 2017
(Քեսապի ազատագրութեան թուին)

       
Արտատպուած՝  Յունիս 22, 2017
                                                                                          

No comments:

Post a Comment