Thursday, October 20, 2016

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը



ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ       October 20, 2016  Kessab, Syria

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը


   


 






Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն ետք, երբ քեսապցիք վերադարձած են գիւղ, անոնց թիւը նուազած է 8500-էն մինչեւ 2300, եւ ընդհանրապէս  ապրած են հացահատիկներու վարուցանէն: Կ՛ըսուի, թէ լեռներու ծերպերուն վրայ, երբ գտած են փոքրիկ` 50սմx50սմ ծաւալով փոքրիկ գոգ մը, իրենց բաճկոնին գրպանի («ջըպըգուն» կոչուած) ափ մը ցորենը ցանած, հնձած, ապա ալիւրի ու հացի վերածած` կրցած են քարշ տալ իրենց տառապալի կեանքը… Վերապրելով` անոնց թիւը հասած է մօտ 7000-ի, Հայաստան ներգաղթի նախօրէին:
Լերկ լեռներէն չքացած փայտն ու ցախը զիրենք մղած են մինչեւ 10-15 քմ հեռուները` ձմրան փայտի «պարէնը» ապահովելու համար: Հիմա, այս պատերազմի տարիներուն, նոյնպէս վառելանիւթ` մազութի թանկութեան պատճառով մենք` քեսապցիներս, ձմրան ցուրտը կը վանենք փայտ վառելով:
Ցորենն ու հացահատիկը Քեսապի կլիմայական պայմաններուն անյարմար ըլլալով` չեն դարձած տնտեսական գործօն, այլ մնացած են սոսկ տնային կարիք գոհացնելու, հաց թխելու անհրաժեշտ մթերք:
Նախաեղեռնեան տարիներուն Քեսապի մէջ ընդհանրացած էր թթենիի մշակումը, շերամաբուծութեամբ զբաղելու համար, որ շարունակուած է մինչեւ 1950 թուական:
Ես կը յիշեմ մեր պապենական պարտէզը, ուր տակաւին կը մնային երկու տասնեակ թթենիներ. իսկ մեծ հօրս տան (Գարատուրան գիւղին մէջ, «Մանճըգըլէգ» Մանճիկեաններու թաղը) տակաւին կը գոյատեւէ եղէգներով շինուած շերամի թրթուրներու կամ խոզակներու «անկողինը», որ արդէն սկսած էր փճանալ, փտիլ: Եղէգները իրարու ամրացուած կ՛ըլլային թթենիի ճիւղերու կեղեւէն շինուած կապերով, որոնց «խըշըր» անունը կու տային, եւ որ տասնեակ տարիներ կը դիմանար: Երբեմն նոյնիսկ անասուններու առժամեայ վզկապ կը հանդիսանար:
1920-էն ետք, երբ ֆրանսական «հոգատարութիւնը» գրաւեց Սուրիան, անոնք ծովափնեայ շրջաններուն մէջ քաջալերեցին ծխախոտի մշակումը: Այդ մէկը շարունակուեցաւ մինչեւ վաթսունական թուականները: Եւ այս գրութեան հեղինակը ինքն ալ բախտը ունեցած է ծխախոտի տերեւները հովանոցի մետաղէ թելերէ շինուած 30սմ.նոց ասեղներով բարակ չուաններու վրայ անցընելով շարելու: Շատ հետաքրքրական հաւաքական, գետինը ծալապատիկ նստած աշխատանք մըն էր, ուր զուարճալի պատմութիւնները չէին պակսեր. ափսոս, որ շատ փոքր էի (8-9 տարեկան) եւ այդ սքանչելի սրամտութիւնները միտքս պահելու կարողութիւնը չունէի, անոնց արժէքը չէի գիտեր: Ի դէպ, մշակուած, չորցուած ծխախոտը որպէս մենաշնորհ կը ծախուէր ֆրանսական «Ռեժի»-ին, յար եւ նման Լիբանանին, որ նոյն «հոգատարութիւնը կը վայելէր»:
Այսպէս կեանքը սահեցաւ:
1950-էն ետք քեսապցիք կը սկսին մշակել խնձոր: Խնձորի տեսակ մը, որ ֆրանսերէն կը կոչուի Sans-pareille, Քեսապ կը բերուի, հայազգի, ոչ քեսապցի, բայց տաղանդաւոր գիւղապետ` Մանուկ Չուպուքճեանի կողմէ, եւ ցայսօր այդ տեսակը Քեսապի մէջ, նոյնիսկ` Լաթաքիոյ, հանրածանօթ է որպէս «Չըպըխչեան» խնձոր (հնչիւնափոխութեամբ): Մեծածաւալ, թթուաշ եւ վաղահաս, կանաչ-դեղին, կարմիր գիծերով զարդարուած ոչ դիմացկուն խնձորի տեսակ մըն է, որ կը հասնի օգոստոսի կիսուն ընդհանրապէս:
Ուշ մնացած եմ այդ հանճարեղ մարդուն` Չիպուքճեանին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու: Ափսո՜ս, գիտցածս այսքան է:
Խնձորի մշակումը կը շարունակուի մինչեւ օրերս: Գլխաւոր տեսակները Golden Delicious, կամ Starking Red դասականներն են: Թէեւ վերջերս մուտք գործած են վաղահաս, ամառնային զանազան տեսակներ: Սակայն խնձորի մշակումը իր տեղը մեծապէս զիջած է դեղձին, եւ որոշ չափով` սալորին  ու անոնց բազմաթիւ տեսակներուն:
Խաղողի մշակումը նահանջած է կլիմայական անյարմար պայմաններու պատճառով, թէեւ տակաւին կը յամենան կարգ մը մանրահատ- հիւթառատ եւ շատ քաղցր սեւ ու դեղին տեսակները` գինիի եւ խաղողի ռուպի շինութեան համար: Կայ համեղ տեսակ մըն ալ, որ կը կոչուի «Սալդի»: Այս տեսակը, դեղին, հատը միջակ, հիւթալի ու քիչ մը մսոտ, սքանչելի է որպէս սեղանի խաղող, եւ որմէ սքանչելի չամիչ ալ կը պատրաստուի:
Քեսապցիք խաղողի այս տեսակը բերած են, Անդրյորդանանի Սալդ քաղաքէն, ուր հասած էին Մեծ եղեռնի տեղահանութեան պատճառով եւ հոն` կայք հաստատած, մինչ Սուրիոյ շուկան զայն կը կոչէ «շամի», այսինքն` Դամասկոսի (Շամ):
Քեսապի վերջին տեղահանութենէն` 2014-էն ի վեր, Սուրիոյ խնձորի շուկան պաշարուած մնալով եւ արտածումը անկարելի ըլլալով, Լիբանանի նման, գիները շատ անկում կրած են, մանաւանդ որ բնութիւնն ալ (կարկուտը) իր աւերը գործած է, ինչ որ կ՛ուշացնէ վերադարձած քեսապցիներու տնտեսութեան արագ վերականգնումը:
***
Բայց  ես ճամբայ ելայ գրելու դափնիին եւ անկէ ստացուած իւղին մասին, որուն հայաստանցիք, սխալմամբ (գուցէ), բալասան անունը կու տան:
Դափնի ծառը անտառային ծառ մըն է. սուրիական պետութեան օրէնքով անիկա, որպէս անտառային վայրի ծառ, պետական հսկողութեան եւ խնամքին տակ կը գտնուի: Զայն կտրելն ու արմատախիլ ընելը քրէական հետապնդումի կ՛ենթարկուի դատական իշխանութեանց կողմէ:
Վաղուց, 1918-1920-ի տունդարձի տարիներուն հաւանաբար, քեսապցիք տնկած էին դափնիներու պուրակներ: Ընդհանրապէս դաշտերն ու պարտէզները եզերուած էին այդ ծառերով: Այս տեսակի ծառերուն բազմացումը եղած է մասնաւորապէս քաջալերանքովը բնագէտ Յակոբ Ադիկեանին, որ Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանի բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան տաղանդաւոր ուսուցիչն էր, շրջանաւարտ` Ֆրանսայի համալսարաններէն:
Դափնիի ծառի մանր պտուղներէն քաղուած իւղը հարուստ է կլիսերին եռակի ալքոլով, ինչ որ որպէս օճառաշինութեան հիմնական նիւթ` մեծ արժէք կը ներկայացնէ, օճառին տալով բիւրեղ եւ մորթը փափկացնող իւրայատուկ յատկանիշ, ինչպէս նաեւ` աննման բոյր:
Եւ անցնող դարու կիսուն Քեսապ դարձաւ գլխաւոր հայթայթողը դափնի մաքուր, անխարդախ իւղին, Հալէպի նշանաւոր եւ դարաւոր օճառի գործարաններուն:
Այս դափնիի իւղը հաւաքելով կը զբաղէին հնգեակ մը վաճառականներ, որոնք ժողովուրդէն կը հաւաքէին այդ նիւթը:
Աշնան, հոկտեմբերի կիսուն, գիւղացին այդ փոքրիկ, սեւ գոյնով պտուղները երկարաշունչ աշխատանքով կը քաղէր ծառերէն` զանոնք լեցնելով պարկերու մէջ:
Առաւօտուն, նախքան արեւածագը, գիւղացին արդէն ծառի կատարին էր: Աշխատանքը կը տեւէր մինչեւ մայրամուտ:
Մեծով փոքրով հոն էին: Պէտք էր աճապարել, որպէսզի այդ պտուղները չ՛ենթարկուէին անձրեւներուն եւ հովերուն քմայքին` գետին, մացառներուն մէջ թափելով:
Այս աշխատանքը, որ համատարած էր գիւղին մէջ, անմասն չէր զուարճալի պատմութիւններէն. ահա մէկը:
Ամմօ Ժանոն` աշխատասէր մշակ մը, առաւօտուն, նախ քան արեւածագը, արդէն ծառին վրայ էր:
Նոյն ժամանակ Ամմօ Նշանը որսի ելած էր, կ՛ուզէր որսալ «սումմուն» կոչուած թռչունը, որուն նախասիրած կերը դափնի պտուղն էր: Այդ թռչունը գաղթելով` վտիտ մարմինով կը հասնէր Քեսապ (Սուրիա), ու կը պարարտանար դափնիի իւղալի պտուղով` իր միսին ապահովելով փոքր ինչ դառն, իւրայատուկ համ մը. թռչունը Քեսապ կը մնար մինչեւ փետրուար: Շատ հեռատես ու զգաստ թռչուն մըն էր: Ամմօ Նշանը մթնշաղին դափնի ծառին վրայ շարժուն ոստեր նկատելով` կը կրակէր:
Որսը Ամմօ Ժանոյին ձեռքն էր:
Ան ծառէն կամացուկ մը վար գալով, նախքան անոր մեղադրական մը արտասանելը, Նշան Ամմօն, ի տես ձեռքէն հոսող արեան, ուշքը կը կորսնցնէր: Ամմօ Ժանոն զարմացած կը պատմէր.
– Ծօ՛, չի բաւեր ձեռքիս կրակեց` որպէս թռչունի եւ փոխանակ ինք ինծի օգնելու ու դարմանելու` ես արիւնոտ ձեռքով զայն ուշքի բերի ու «դարմանեցի»:
Քաղուած պտուղը կը լեցուէր 100 լիթր պարունակող տակառներու մէջ, ջրախառն: Ու ժամեր-ժամեր կ՛եռացուէր: Դափնի իւղը կը զատուէր պտուղէն եւ կը ծփար ջուրին երեսը:
Անջատուած իւղը երկտասնեակ օրեր կը պահուէր, որպէսզի անբաղձալի նիւթերը անջատուէին անկէ` տակը սուզուելով:
Ապա կու գար վաճառականը, եւ նախապէս համաձայնած գինով, հռոմէական կշիռքով, այծի մորթէ շինուած տիկերու մէջ լեցուած իւղը կը կշռուէր: Դրամ չէր վճարեր, որովհետեւ տարուան ընթացքին գիւղացիք արդէն պարտքի գումարներ կամ ապրանքներ առած կ՛ըլլային:
Հայրս, որպէս մանրավաճառի վաճառատան տէր, ցորեն, գարի, ալիւր, շաքար, բրինձ, լուսաւորութեան համար վառելանիւթ (քերոսին` «կազ»)… եւ այլն, հայթայթած կ՛ըլլար քեսապցիներուն, որոնք հաշուեփակը կ՛ընէին իւղի վաճառքի ընթացքին:
Գնուած, տիկերու մէջ լեցուած իւղը, ջորիներու վրայ բեռցուած, կը տարուէր վաճառականի կայարանը (տան բակը, պարտէզին մէկ ծայրը… եւ այլն): Հոն տիկերուն պարունակութիւնը կը պարպուէր 200 լիթր տարողութեամբ մետաղէ տակառներու մէջ, որպէսզի որոշ քանակի մը հաւաքէն ետք տարուէր Հալէպ, պետական տուրքերը տալէ եւ փոխադրութեան յատուկ արտօնագիրը ձեռք բերելէ ետք:
Հօրս հետ պատահած են քանի մը պատահարներ, դրուագներ:
Հօրս օգնող եւ շահակից 2 հօրեղբօրորդիներ կային` Խաչիկն ու Յակոբը: Իրենց ջորեպանն էր Գեղամը, որ հօրս հօրեղբօր փեսան էր (անոր աղջկան ամուսինը):
Գարատուրան գիւղի Սուլեան թաղէն (Քեսապէն 10 քմ հեռու), Ս. Ս.-ին քովէն իւղը առնելով եւ տիկերով Քեսապ փոխադրելէն ետք, երբ Գեղամ քեռայրը ձեռքը կ՛երկարէ տիկերուն ոտքերը բռնելով զանոնք ջորիին վրայէն վար բերելու համար, կը զարմանայ, երբ կը զգայ, որ ոտքերը քար կտրած են:
Անջատ տակառի մը մէջ  պարպելով իւղը, կը հաստատեն, որ Ս. Ս. իր  ծախած իւղը «հարստացուցած» էր ծովու սեւ աւազով, որ տիկին մէջ 10 քմ ճամբուն վրայ խնոցուելով, կեդրոնախոյս ուժին դրդումով գացած, հանգչած էր տիկին ծայրամասերուն` 4 ոտքերուն մէջ, որոնք կը փորձէր Գեղամ քեռայրը բռնելով` ջորիին վրայէն վար բերել:
Երկրորդ մը:
Յովսէփ հօրեղբայրս բարի ու միամիտ մարդ մըն էր: Գաղթականութեան, Յորդանանի մէջ (ուր քշուած էին քեսապցիներուն առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքի զաւակները` անցնելով Համա, Հոմս, Տէր Ադիէ, Դամասկոս, Տարաա շրջաններէն) ան սորված էր թիթեղագործութիւն, ուստի կոչուած էր «Թենեքեճի»: Աշխատասէր, արդար, ուղղամիտ ու բարի մարդ մըն էր:
Ան գիւղին մէջ միակն էր, որ կլկլակ կը ծխէր. «թանպաք աժամի»: Ան խրախճանքներուն, հարսանիքներուն «զարդն» էր: Քաղցր ձայնով կ՛երգէր, նոյնիսկ` արաբերէն, ազգագրական երգեր. «Զուրունի», «Լուլու պի լուլու»… ունէր նշանաւոր ձեռագիր, ազգային երգերու երգարան մը: Իր տունը երկյարկ, տախտակամածով, մեծ հօրս տան մօտ էր` Գարատուրան գիւղ: Նահապետական ընտանիքներ, անկեղծ, եղբայրական, ջերմ… կարծես` մէկ տուն էին:
Հայրս երբ կը գտնէ անոր եփած իւղը, փայտէ շինուած, տափակ, յատուկ շերեփով երբ կը քննէ, շերեփին ստորին ծայրը կը կպչի կարծր նիւթի մը, որ երբ դուրս կը բերէ, ի յայտ կու գայ, թէ խաղողի հնացած ռուպի գունդ մըն է:
Յովսէփ հօրեղբայրը կը բացագանչէ. «Կեանքիս առաջին խարդախութիւնն էր ասի, 80 տարեկանիս սխալեցայ եւ բռնուեցայ»:
Ահաւասիկ երրորդը:
Հայրս արեւածագէն քիչ առաջ կ՛երթար Սեւ աղբիւր գիւղը` իւղ գնելու: Ճամբան կը հանդիպի Եհովայի վկայ «Կիւճ Պետըր» (Պետրոս) անունով համագիւղացիի մը, որ նաեւ մանրավաճառութեամբ կը զբաղէր:
Անոր խանութը կը գտնէին մեր նախնական, ձեռաշէն, «չախմախլի» որսորդական հրացաններու (որոնց մենք «Տոլմա» անունը կու տայինք) գործածութեան համար վառօդ, նաեւ` սեւ, կարմիր, կանաչ ու ճերմակ հրացանի աւազանման կապարէ գնդիկներ, թռչուն որսալու պարսատիկի («չաթալուկ») քաուչուկ, որ ընդհանրապէս ինքնաշարժի պայթած անիւի մը մատնաչափ լայնքով եւ մէկ բազուկ երկայնքով կտորներ էին: Եւ այս ամէնուն կողքին, ան կը ծախէր գունաւոր կերպասներ` վարագոյրի կամ հագուստի. «խասա», «ազդար» եւ Ճըսըր Շուղուրէն բերուած ձեռաշէն շաքարի տեսակ մը, որուն «Գէրմոշիկ» կ՛ըսէինք:
«Պիթ պազար» էր անոր փոքր խանութը:
Պետր Ամմոն իշուն վրայ կ՛երթար Քեսապ: Հօրս զարմացկոտ հարցումին, թէ այս կանուխ ժամուն ո՞ւր կ՛երթայ, ան կը պատասխանէ.
– Ա՜խ, տղա՛ս, Վահան, Վահան, տունը ունիմ սեփ-սեւ ծղրիթ մը (ակնարկելով թուխ ու տգեղ կնկան): Չեմ հաւատար, թէ երբ լոյսը պիտի բացուի, որ քովէն փախչիմ ու դուրս գամ:
Հապա դուն ինծի ըսէ, դուն ո՞ւր ձգած ես քու լուսնակի նմանող գեղեցիկ Ռիթադ ու այս ժամուն ո՞ւր կ՛երթաս:
***
Կ՛ափսոսամ, որ շատ ուշ խելքի եկայ այս եւ նման պատմուածքներ հաւաքելու:
Այդ իւրայատուկ սերունդէն հազիւ թէ հնգեակ մը կ՛ապրի այսօր:
Բան իմացողներէն, բան պատմողներէն համարեա մարդ չէ մնացած:
***
Հայրս` «Փայլուն Վահանը», անցեալ տարի մահացաւ, 89 տարեկանին (25 հոկտ. 2015-ին):
Փափաքս է, որ համեստ գիրս այս իրեն եւ իր սերունդին համար խունկ եւ մոմ ըլլայ` յիշեցնելով, որ վերոյիշեալ դափնիի իւղը, հիմնական բաղադրութիւնն է օրհնեալ միւռոնին, զոր քեսապցիք, ըստ հարկի, կը հայթայթեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան:

Քեսապ, 20 հոկտեմբեր 2016

Published in    December 21, 2016

No comments:

Post a Comment