րութեան առարկայ կը դառնայ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Անցնող վեց տասնամեակներուն ան նիւթ կը դառնայ պատմագրական, բարբառագրական, ազգագրական ու բանագիտական հարուստ գրականութեան մը: Ասոնց կողքին, Քեսապը նաեւ մուտք կը գործէ գեղարուեստական գրականութեան մէջ՝ իբրեւ վէպ, պատմուածք եւ բանաստեղծութիւն:Մեր զեկոյցին հիմանական նիւթը կը հանդիսանայ Քեսապի եւ քեսապահայութեան արձագանգն ու արտացոլումը գրականութեան մէջ: Զեկոյցը կը բաղկանայ երկու գլուխներէ.Ա. Քեսապը տեղեկագրական եւ գիտական գրականութեան մէջ, Բ. Քեսապը գեղարուեստական գրականութեան մէջ: 1
անցումը որոշ հետաքրքրութեան մը կ’արժանանան Քեսապի նկատմամբ հայ թէ օտար եկեղեցական եւ ազգային մարմիններուն կողմէ, սակայն ատիկա չ'անցնիր մամուլի մէջ պարբերաբար երեւցող հակիրճ տեղեկագրային թղթակցութիւններէն անդին: Օրինակ Պորտի միսիոնարներուն աւետարանչական գործունէութեան դաշտերէն ղրկուած ու «Միշընրի հերըլտ»ի մէջ լոյս տեսած տեղեկագրերը, ինչպէս նաեւ լատին փաթրէներու յղած թղթակցութիւնները իրենց մամուլին: 19-րդ դարու կէսէն ետք տեղեկութիւններ կը բովանդակեն «Սիօն» -ին, «Մասիս» -ին, «Արեւելեան մամուլ» -ին, «Բիւրակն» -ին եւ «Տաճար» -ին ղրկուած թղթակցութիւնները: 2
ի սանճաքի Թուրքիոյ կցումէն եւ մանաւանդ մեծ հայրենադարձութենէն ետք, արտագաղթը, հայ բնակչութեան միատարրութեան վերացումը, տնտեսութեան արմատական փոփոխութիւնները եւ վերջապէս Քեսապի վերջին՝ 2014-ի տեղահանութիւնը, որոնք դեր ունեցան եւ կը շարունակեն ունենալ Քեսապի տոհմիկ դիմագիծի փոփոխութեան մէջ:Մինչեւ 1940 բաւական պատկառելի գրականութիւն կայ, որ լոյս տեսած է հայ եւ օտար մամուլի մէջ՝ ներկայացնելով Քեսապի պատմական իրադարձութիւնները, առանձին համայնքները, համայնքային-եկեղեցական գործունէութիւնները, երբեմն միութենական կեանքը, տնտեսութիւնը, հակիրճ կերպով ալ նաեւ բանահիւսութիւնը, կենցաղն ու բարբառը: Օրինակ՝ 1894-1896 Համիտեան բռնութեան օրերուն Անտիոքի, Սուէտիոյ եւ Քեսապի դրութեանց մասին տեղեկութիւններ հաղորդուած են «Հնչակ» -ին եւ «Դրօշակ» -ին մէջ, իսկ 1909-իԱտանայի կոտորածի մասին բազմաթիւ յօդուածներ,թղթակցութիւններ լոյս տեսած են հայ եւ օտար մամուլին , ինչպէս նաեւ առանձին գիրքերու մէջ :Քեսապի ազգագրութենէն եւ բանահիւսիւթենէն նիւթեր հաւաքած են Քեսապ այցելած յայտնի դէմքեր, կուսակցական ու մշակութային գործիչներ, ինչպէս՝ Վարդան Շահպազ, Սօսէ Մայրիկ, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Արշակ Չամալեան, Նիկոլ Աղբալեանը, Մովսէս Տէր Գալուստեանը: 3
եսնեն ալպոմներ եւ առանձին գիրքեր. Ինչպէս՝ վեր. Կարապետ Ս. Թիլքեանի «Իննսունհինգամեակ Քեսապի Հայ աւետարանական համայնքին» , Ուսումնասիրաց միութեան Պէյրութի մասնաճիւղի հրատարակած «Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից» (1955, Պէյրութ), Ալպեր Ս. Թեմիրեանի «Քեսապ 1909-1946» (1956, Պէյրութ), որոնք ընդհանրապէս սիրողական մակարդակի աշխատութիւններ են:Գաղթավայրի կազմութեան մասին անդրադարձած են շատեր, ինչպէս՝ Աշոտ Աբրահամեանը , Արշակ Ալպոյաճեանը , Բիւզանդ Եղիայեանը , վեր. Տիգրան Անդրէասեանը իր «Սուէտիոյ բարբառը» աշխատութեան մէջ: Իսկ Քեսապի բանահիւսական արժէքներէն հաւաքած ու մամուլի մէջ հրատարակած են Տիգրան Մանճիկեան, Միհրան Մինասեան, Մելքոն Էպլաղաթեան եւ ուրիշներ:Առանձին հրապարակում մըն է նաեւ Երուանդ Քասունիի յառաջաբանով ու ծանօթագրութիւններով 2002-ին (Պէյրութ) լոյս տեսած Ալպերթ Ս. Աբէլեանի «Քեսապ եւ իր գիւղերը» պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւնը, որ ներկայացուած է 1913-ին : 4
'ընդգրկէ նաեւ կարգ մը հրապարակումներ նախկին հեղինակներէն, ինչպէս տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի, Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեանի, Սիմոն Փ. Այանեանի, Մաղաքիա Պապուճեանի:Քանի մը շաբաթ առաջ Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» շարքին հատորները վերահրատարակուեցան միացեալ հատորով մը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ:Գալով 2014-ին Քեսապի 3-րդ տեղահանութեան՝ բազմաթիւ տեղեկագրական յօդուածներ հրապարակուեցան հայ եւ օտար մամուլին մէջ, իսկ Քեսապի հայաթափման եւ անոր նախորդող իրավիճակի ականատես հեղինակի վկայութիւն է՝ Յ. Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» գիրքը (2014, Երեւան):Ահաւասիկ հակիրճ անդրադարձ մը Քեսապի ազգագարական, պատմագրական, բարբառագիտական, յուշագրական բնոյթի գործերուն, որոնք հիմք ծառայեցին գեղարուեստական գրականութեան: 5
հայրենի հողն ու անոր հոգեւոր արժէքները որպէս մասունք ընդունեցին եւ սկսան ուշադրութիւն դարձնել:2. Քեսապը սփիւռքի մեր իրականութեան եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայահոծ շրջանակին մէջ այն հատուկենտ գիւղական շրջանակներէն մէկն էր, ուրուն հետ՝ իբրեւ ներշնչարան, աղերս ունէին եւ ունին շրջակայ բոլոր գաղութները:3. Քեսապը իր ամբողջութեամբ ներշնչումի աղբիւր դարձաւ Քեսապցի գրիչներուն համար, որոնք աշխատեցան անմահացնել գիւղը գրականութեան բերելով զայն: Հետեւաբար Քեսապը գեղարուեստական գրականութեան նիւթ դարձուցած գրողներու փաղանգին մէջ կը մտնեն՝• Օտար ափեր կայք հաստատած քեսապցի գրողներ, ինչպէս՝վեր. Եսայի Սարմազեան, վեր. Յովհաննէս Սարմազեան, Գէորգ Աբէլեան, Ստեփան Փանոսեան, Յովհաննէս Պաճագեան եւ ուրիշներ:• Քեսապը օտար միջավայրերու մէջ ներկայացնող քեսապցի գրողներ՝ Ալպերթ Ս. Աբէլեան (անգլերէն), Վազգօ Վարուժան (ֆրանսերէն) եւայլն:• Քեսապի մէջ ապրող ու ստեղծագործող քեսապցի գրողներ, ինչպէս՝ բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանը, պատմուածագիր Յովսէփ Ղազարեանը, Յակոբ Չոլաքեանը:• Քեսապ այցելած շատ գրողներ, բանաստեղծներ, ինչպէս՝ Երուանդ Օտեանը, Մկրտիչ Աճէմեանը, Արմէն Անուշը եւ ուրիշներ, իսկ ոչ հայ գրողներու շարքին մէջ եզակի տեղ կը գրաւէ Հաննա Մինան: 6
«Աննա հարսը» (1994, Պէյրութ), որ 1915-ի Մեծ եղեռնին քեսապցիներուն բաժին հանուած դառնութիւններուն անդրադարձողներուն մէջ եզակի տեղ կը գրաւէ, Հաննա Մինայի «Կեռաս բերան»-ը(Երեւան, 2004), որ հայերու մասին արաբերէն գրուած առաջին վէպն է, որ կը խօսի երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկման եւ Աղէքսանդրէթի սանճագի բռնատիրացման նախօրեակներուն ընդդէմ բռնակալութեան եւ յանուն ընկերային առաջդիմութեան ընդյատակեայ պայքարին մասին: բ) Պատմուածք՝ Յովհաննէս Պաճաքեանի «Գիւղական պատկերներ» (Պէյրութ, 2002), Գէորգ Աբէլեանի «Հէլէ՛,հէլէ՛, հէլէ՛... Քեսապ» (Պէյրութ, 1968), վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի «Հողը կը ծախուի՞»(Պէյրութ, 2006): Գէորգ Աբէլեանի «Նետենք-բռնենք»(Անճար 2009) եւ «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ»(Անճար, 2011) պատմուածքները՝ Քեսապէն ու Անճարէն: Այստեղ գրական լուրջ արժէք կը ներկայացնեն Գէորգ Աբէլեանի «Աննա հարսը» վէպը, «Հէլէ՛, հէլէ՛, հէլէ՛... Քեսապ» եւ վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի «Հողը կը ծախուի՞» պատմուածքներու շարքը:Քեսապցի վերապրողներու վկայութիւններ հրատարակած են շատեր, ինչպէս՝ դոկտ. Վերժինէ Սվազլեանը, Յակոբ Չոլաքեանը, սակայն Գէորգ Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» եւ «Աղբարի՛կ, ափիկ մը ջուր»(Անճար, 2010) գիրքերու եղեռնէն վերապրողներու վկայութիւններն ու ապրումները կը տարբերին միւսներէն, որովհետեւ ենթարկուած են գեղարուեստական մշակման: 7
ուածքներու շարքը(Հալէպ, 1996), Ստեփան Փանոսեանի «Կեանք մը իր հանգրուաններով» գիրքը(Երեւան, 2006):Առանձին պատմուածքներով մամուլի մէջ կամ առանձին հրատարակութիւններով հանդէս եկած են ոչ-քիչ քեսապցի եւ ոչ-քեսապցի գրողներ, ինչպէս՝ վեր. Եսայի Սարմազեանը, Յակոբ արք. Գլնճեանը, Լալա Մինասեանը, Յովսէփ Ղազարեանը, Սմբատ Փանոսեանը, Թորոս Թորանեանը, Յակոբ Միքայէլեանը, Մարուշ Երամեանը, որոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ Քեսապը՝ որպէս ուրոյն աշխարհ մը, արտացոլուած է գեղարուեստականօրէն: Քեսապի նուիրուած բանաստեղծութիւններ կ'ընդգրկեն Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի երեք հատորները «Սրտի բեկորներ»(Հալէպ, 1995), «Հայրենի ղօղանջներ»(Հալէպ, 1997) եւ «Սէր ափսոսանք ու կարօտ»(Հալէպ, 2003), որոնք որպէս քանակ եւ որակ ներկայութիւն են գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Տեղին է նշել, որ Քեսապի 3-րդ տեղահանութեան մասին հայ եւ օտար մամուլի մէջ բացի տեղեկագրական եւ այլ բնոյթ կրող յօդուածներէ, գողտրիկ եւ տպաւորապաշտ ոտանաւորներ եւ արտայայտութիւններ տեսնուած ու մնացած են համացանցի դիմատետրի էջերուն վրայ՝ սպասելով մէկտեղման: 8
ք նաեւ, որ ազգային-կարօտային խնդիրները քննարկուած են աւելի շատ, եւ գրեթէ բոլոր նիւթերը կը մնան նեղ ազգային ու տոհմիկ պարունակին մէջ ու քիչ պարագաներու դուրս եկած են համաշխարհային գրական ովկիանոս: Ուրեմն՝ Քեսապի մասին ստեղծուած գրականութիւնը յուշագրական բնոյթ ունի, գիւղէն դուրս ապրող քեսապցիներուն համար կարօտի գրականութիւն է, իսկ Քեսապի մէջ ապրող գրողները աւելի շատ գրականութեան բերած են ապրող, բայց մահամերձ իրականութիւն մը:Այո՛, երեք անգամ տեղահանուած, երեք անգամ այրած ու թալանուած Քեսապը տակաւին ապրող աշխարհ մըն է՝ իր անցեալին հետ սերտ կապերով, ժամանակին եւ ժամանակակից աշխարհին հետ բազմաթիւ օղակներով շաղկապուած իրականութիւն մը հայօրէն գոյատեւելու ճիգով ու առօրեայ հոգերով տրոփող իրական աշխարհ մը: Քեսապը պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն այնքան ատեն, որ հոն կենդանի է տոհմիկ մշակոյթ մը եւ որպէս այդպիսին՝ պիտի շարունակէ բանաստեղծներուն, պատմագէտներուն եւ բանահաւաքներուն ուշադրութեան առարկան դառնալ իր անցեալով, ներկայով ու նաեւ ապագայով: 9
Comments
and Summary by Վահէ Յ. Աբէլեան
Սիլվի
Աբէլեան
առանձնացուց
Քեսապի
տեղը
հայ
գրականութեան
մէջ`
լուսարձակի
տակ
առնելով
հայ
ազգագրական
եւ
բանահիւսական
գրականութեան
մէջ
Քեսապի
մասին
եղած
նիւթերն
ու
գիրքերը,
ապա
նաեւ`
Քեսապի
արձագանգներուն
հայ
գեղարուեստական
գրականութեան
մէջ,
մանաւանդ
1940-ականներէն
սկսեալ,
վերլուծելով
Քեսապի
մասին
գրականութեան
բնոյթը,
դրդապատճառները:
SUMMARY:
1. Sometime mid 20th
century, Kesssab as an ancient historic Armenian enclave, becomes subject both
to creative literature and for ethnogical studies. The presentation will dwell
on both.
2. Kessab in Ethnological
Studies. Before 1850's Kessab was left to its fate and was mostly unknown. From
1850 and especially from 1890 and onward various Armenian and non-Armenian
ethnological studies dwell on Kessab. However, most of such studies by
non-Armenians remain confined to reports by missionaries to their Boards and
appear in their periodicals and by Armenians in local Armenian newspapers or
periodicals.
3. During the last one and
a half centuries, the fate of Kessab remain tied with political and social
upheavals affecting the western Armenians such as from Hamidian, Adana
massacres and then to the Genocide and subsequently to the great repatriation
movement in 1947 and lately to the fates of the Armenian Diaspora communities
in the Middle East, notably in Syria.
4. Many have written about
Kessab and the kessabtsis during the last century, among them Rev. Garabed
Tilkian, Albert Temirian, Ashod Aprahamian, Arshag Alboyajian, Puzant
Yeghiayan, Rev. Dikran Antreassian Dikran Manjikina, Mehran Minassian, Melkon
Eblighatian, Yervant Kssaouny, Dr. Albert Apelian.
5. Special emphasis is
being given to the scholarly works of Hagop Cholakian that include his
exhaustive three volumes study of Kessab and Kessabtsis and his most recent
book about the attack on Kessab on March 21, 2014, titled 'The Three Days of
Kessab".
6. Second Part: Kessab in
creative literature. Kessab has been a source of inspiration for creative
writing by many among them: Rev. Hovhannes adn Yessayi Sarmazians, Kevork
Apelian, Stepan Panossian, Hovhannes Bajakian, Ara Apelian, MD in Armenian,
Albert Apelian MD in English, Vasko Varoujan, in French.
7. This section elaborates
on the books the authors mentioned previously wrote.
8. Most of the creative
literature in sentimental is nature and written by expatriated Kessabtsis.
9. This paragraph
summarizes the presentation indicating that Kessab remains a source for
creative literature.
No comments:
Post a Comment