Friday, March 28, 2014

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ



ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ    March 28, 2014

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ «ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ» ՍԿՍԱՒ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՏԿԵՐՈՎ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ


                                    

«Իրիկուան դէմ մեր կապոցները շալկած կ՛իջնենք քաղաքի վարի ծայրամասը, ուր մեզի կը սպասեն յունական բանակի քանի մը բեռնատար մեծ ինքնաշարժներ: Հայոց թաղի բնակչութիւն ըսուածը թէեւ մեծ թիւ մը չի ներկայացներ, սակայն օթոները բաւարար չեն: Անոնց մէկ մասը բեռնաւոր է արդէն ռազմանիւթերով: Նախապատուութիւնը կը տրուի փոքրիկներուն, ծերերուն եւ հիւանդներուն: Քոյրս, եղբայրս, մեծ մայրիկը, հաճի մաման եւ ես կը յաջողինք տեղաւորուիլ օթոներէն մէկուն մէջ: Կը մնան մայրիկը եւ հօրաքրոջս աղջիկը, որոնք ճամբու եզրին կեցած մեզի բարի ճանապարհ կը մաղթեն արցունքոտ աչքերով.
– Դուք մէյ մը գացէք, ազատեցէք, մենք ալ Աստուծմով բան մը կ՛ընենք, վաղը ճամբայ կ՛ելլենք կը պոռայ մայրիկը վարէն եւ կ՛աւելցնէ.
– Աղջի՛, չօճուխներուն լաւ նայէ, ճամբան պաղ չառնեն, վար չիյնան…»:
Հայ գրականութեան ժամանակակից դէմքերէն Մուշեղ Իշխանն է, որ իր «Մնաս բարով մանկութիւն» յուշագրական հատորով կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ականատեսի վկայութիւնը:
Նմանօրինակ բազմաթիւ տխուր պատկերներով հարուստ մեր գրականութիւնը մշակող գրագէտները` Սիամանթօ, Վարուժան,  Համաստեղ, Թէոդիկ, Անդրանիկ Ծառուկեան, Զապէլ Եսայեան, Արմէն Անուշ եւ այլոց յուշերը մեր ժողովուրդին Մեծ եղեռնի վկայարաններն են:
Այսօր անվարանօրէն կրնանք անոնց գրականութիւնը մարգարէութիւն անուանել` ի տես սուլթանական եւ թալէաթական ժառանգորդ բորենիներուն:
Այսպիսի բազմաթիւ նկարագրութիւններու եւ պատկերներու ականջալուր եղանք անցնող օրերուն` աղէտահար Քեսապէն մազապուրծ մեր արիւնակիցներէն:
Մեծ եղեռնին Քեսապը անմասն չէր մնացած Հայոց ցեղասպանութեան տեղահանութենէն. քեսապցիք աքսորի ճամբան բռնելով` Համայի վրայով հասած էին մինչեւ Յորդանանի Սալթ քաղաքը:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախատօնակն է արդէն, որ կը նշուի կենդանի պատկերներով:
Արեւմտահայաստանի նահանգները ասպատակած թուրքը Ցեղասպանութենէն քսանհինգ տարիներ ետք իր բորենիի ախորժակներուն գոհացում ստացաւ պատմական Կիլիկիոյ ապրող գիւղերով «ասպետական սեւ սատանայ»-ին ձեռամբ հրամցուած Իսկենտերունի Սանճաքին մաս կազմող Մուսա Լերան հայկական գիւղախումբը կուլ տալով. Քեսապի գաւառակն ալ ժամանակաւորապէս ենթարկուած էր միեւնոյն աղէտալի ճակատագիրին:
«1938-ի ամառը թրքական բանակը Սանճաք մտաւ ֆրանսական կառավարութեան համաձայնութեամբ: Մինչ այդ, Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչները կը պատրաստուէին մարդահամար  մը կազմակերպել, որուն արդիւնքին հիման վրայ Սանճաքը իբր թէ պիտի մնար սուրիական հող կամ պիտի միանար Թուրքիոյ:
Ֆրանսական բանակը զօրանոցներէն դուրս չէր գար, անհաճոյ դէպքերէ խուսափելու համար, որովհետեւ թուրք բանակի գրաւման առաջին ամիսը ֆրանսացի սպայ մը սպաննուած էր թուրք զինուորի մը կողմէ, առանց որեւէ պատճառի: 1939-ի յունիսի 30-ին ստորագրուեցաւ Անգարայի դաշնագիրը, որով «հոգատար» ֆրանսական իշխանութիւնը Սանճաքը վերջնականապէս Թուրքիոյ յանձնեց` որպէս մօտալուտ պատերազմին Թուրքիոյ իրեն հակելու կանխավճար:
Հաշիւ մը, որ սխալ դուրս եկաւ, որովհետեւ Թուրքիան չէզոք մնաց եւ փաստօրէն օգնեց Գերմանիոյ` մինչեւ անոր պարտութեան օրը, երբ… պատերազմ հռչակեց անոր դէմ, որպէսզի ՄԱԿ-ի անդամ ընդունուի… յաղթականներու շարքին:
Այս բոլոր դէպքերուն իբրեւ հետեւանք` Սանճաքի հայութեան զանգուածային գաղթը տեղի ունեցաւ դէպի Սուրիա եւ Լիբանան, մանաւանդ Մուսա Լերան քաջարի բնիկները: Անոնք նախ տեղափոխուեցան Սուրիոյ ծովեզերքը` Պասիթ, ուր համաճարակներու պատճառով մեծ թիւով հայրենակիցներ մահացան, եւ ապա փոխադրուեցան Այնճար` Սուրիոյ սահմանին մօտ:
Քեսապ գտնուող կաթոլիկ միսիոնարներ վանքեր ունէին Քեսապի, Պաղճաղազի եւ Չինարի մէջ: Կարտինալ Աղաճանեանի եւ կարգ մը անհատ քեսապցիներու միջնորդութեան շնորհիւ, ֆրանսական կառավարութիւնը յաջողեցաւ Քեսապի գաւառակը (Նահիէ) պահել Սուրիոյ տարածքին մէջ` որպէս ծայրամաս Լաթաքիոյ նահանգին:
Պէտք էր ականատես ըլլալ Քեսապի ժողովուրդի ուրախութեան, երբ թրքական դրօշակը շուրջ մէկուկէս տարի ետք իջաւ կառավարութեան շէնքին վրայէն եւ անոր տեղ ծածանեցաւ սուրիական դրօշը»: (Յապաւումներով` «Յուշեր եւ վկայութիւններ»,  Գրիգոր Էպլիղաթեան, Հալէպ 2011):
Եօթանասունհինգ տարիներ կը բաժնեն մեզ պատմական այդ թուականէն, որմէ ետք, յատկապէս վերջին երեսուն տարիներուն, Քեսապ իր բացառիկ կլիմային եւ գեղեցիկ բնութեան շնորհիւ դարձաւ Սուրիոյ առաջնակարգ ամարանոցներէն  մէկը, խնձորի եւ զանազան պտուղներու մշակութեան առընթեր քեսապահայ գաղութը իր փառքի օրերը ապրեցաւ շինարարական մարզի  մեծ ոստումներով, Սուրիոյ շրջաններէն յատկապէս հալէպահայեր ամարանոց տուներ կառուցելու  ձեռնարկեցին, զբօսաշրջութեան հաստատութիւններու,  պանդոկներու եւ ճաշարաններու ցանցը ընդարձակուեցաւ` հասնելով շրջանի բոլոր գիւղերու գեղատեսիլ դիրքերը: Այս բոլորը շնորհիւ կարգ մը քեսապցիներու ձեռներէց նկարագիրին եւ որպէս արդիւնք տնտեսական բարօր պայմաններու, երիտասարդներ հրաժարեցան գաղթելու երեւոյթէն` բազմացնելով տեղացի ընտանիքներուն թիւը, եւ նոր սերունդը վերընձիւղուեցաւ շրջանին մէջ:
Ազգային Ուսումնասիրաց վարժարանը 2008 թուականէն ի վեր ունեցաւ իր երկրորդական բաժինը եւ կոչուեցաւ «Ուսումնասիրաց Ճեմարան»:
Զբօսաշրջութեան արդի կառոյցներու, առեւտրական ճոխ հաստատութիւններու եւ գիւղատնտեսութեան նորագոյն զարգացումներով հողամշակութեան կիրարկումներու կողքին, Քեսապը սուրիահայ զանազան սկաուտական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու  բանակավայրերու ու բարեսիրական միութիւններու կազդուրման կայաններու կեդրոնը հանդիսացաւ` արդիական ճամբարներու շինութեամբ, իւրաքանչիւրը իր սեփական հողին վրայ:
Քեսապցին չմոռցաւ «Պարլում» կոչուած ուխտավայրը` բռնագրաւուած Կասիոսի լանջերուն, եւ զայն փոխարինեց Էսկիւրէնի մէջ հնադարեան Սօսիին շուրջ կառուցուած մատուռով, ուր Աստուածածնայ տաղաւարին Ս. պատարագ կը մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կը կատարուի` երկօրեայ տօնախմբութիւնը տարածելով ամբողջ գաւառին մէջ:

Սփիւռքի տարածքին ապրող քեսապցիներ «Ուսումնասիրաց միութեան» մասնաճիւղեր հիմնած են եւ յաճախակի այցելութիւններով կը թարմացնեն կապը իրենց ծննդավայրին հետ` Պէյրութի, Հալէպի կամ մերձակայ շրջաններէն, նոյնիսկ երբեմն հեռաւոր երկիրներէն ննջեցեալի մարմինը կը փոխադրուի  թաղուելու համար իր ծննդավայրի գերեզմանատան մէջ:

Յիշատակարժան է ֆրանսահայ «Երկիր եւ մշակոյթ» միութեան ջանքերով իրականացած Քեսապի ազգագրական թանգարանի հիմնադրութիւնը:
Քեսապի մէջ մինչեւ օրս մեծն ու փոքրը կը խօսին բարբառով, կը բարձրանայ թոնիրի ծուխը, առաւօտեան կը լսուի աքլորականչը, իսկ երեկոյեան հովիւին երգը ու նախիրին զանգերը,  աշնան այգեկութքէն ետք կը հաստատուի «մասարան», ուր կը մատուցուի «փրփոր»-ը` երգ ու պարի ուրախ մթնոլորտին մէջ: Ժողովրդային պարտիզագնացութեամբ կը յիշատակուի մայիսի քսանութը եւ Խանասորի արշաւանքի օրը:
Շուրջ հարիւր հատորներէ բաղկացած մեր ազգագրական գրադարանը` Սասունի, Այնթապի, Ուրֆայի, Խարբերդի, Հաճընի, Սեբաստիոյ, Ատանայի, Քիլիսի, Զէյթունի, Մարաշի, Վանի, Մուսա Լերան, այս շարքի կողքին քեսապցի հանրածանօթ բանասէր Յակոբ Չոլաքեանի գրիչով լոյս տեսաւ «Քեսապ» եռահատոր կոթողական աշխատասիրութիւնը` նուիրուած Քեսապին, որ պատմական  Կիլիկիոյ միակ ապրող  գաւառն  է:

Քեսապցին ծանօթ է որպէս ուսումնատենչ եւ ընթերցասէր հայորդի, փաստը` մտաւորականներու,  ուսուցիչներու եւ կղերականներու այն փաղանգն է, որ սփիւռքի հայ կեանքի ածուն կը մշակէ ցեղասպանութենէն ասդին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Քեսապի ծնունդ էր, անոր կիսանդրին… հիմա արդեօք… տակաւին… կանգնած կը մնա՞յ Քեսապի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Սուրիական տագնապի երեք տարիներու ժամանակագրութեան մէջ եզակի է Քեսապի անկումը, ուր բացայայտ է թրքական գործօնի դերակատարութիւնը:
Թրքական իշխանութիւնները վերջերս յայտարարած էին, թէ կազմած են յատուկ մարմին մը` հակազդելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն եւ աշխարհասփիւռ ցուցական արարքներուն:
Ահաւասիկ սկսաւ այդ հակազդեցութիւնը` թրքական ոճով:
Իր դրացի Մուսա Լերան զաւակներու նման քեսապցին առիթ չունեցաւ քառասուն օրեր դիմադրելու, արդիական զէնքերն ու ծայրայեղ մոլեռանդ միջազգային խուժաններու մաս կազմող թուրանական  վոհմակներու հսկայական յառաջխաղացքը, արծուեբոյն քեսապցի արիասիրտ տղաքը դիմադրութեան անդուլ ճիգերէ ետք, հաւանաբար մտաբերեցին մօտիկ անցեալի Սումկայիթը եւ ստիպողաբար բռնեցին նահանջի ուղին, գիւղացիները ակամայ իրենց նախիրը ախոռին մէջ ձգեցին, ոմանք նոյնիսկ կէս գիշերուան թոհուբոհին գիշերային զգեստներով հասան Լաթաքիա, մինչ գարնան առաջին օրուան վաղ առաւօտուն պարտիզպանութեան աշխատանքի պիտի լծուէին:
Իւրաքանչիւր քեսապցիի հարուածը իր կեանքը կ՛արժէ` տուն, պարտէզ, գործատեղի, անասուններ, քարշակ, ի՜նչ ի՜նչ հաշուել, այս մէկը ոչ երկրաշարժի կը նմանի, ոչ հողասահանքի, ոչ ջրհեղեղի, ոչ հրդեհի կամ որեւէ բնական աղէտի, անմարդկային եւ գազանաբարոյ աքթի մը զոհն է համայն Քեսապը,  մանաւանդ բնիկ հոն ապրող քեսապցին, տեղացի այլ բնակիչներ եւ մասամբ մը ամարանոց տուներ, կալուածներ եւ պարտէզներ ունեցող հայեր:
Նոր տեղահանութիւն, հայաթափում եւ կորուստ, տակաւին կը նախատեսուի` թալան, կողոպուտ, հրդեհ եւ քանդում:
Պարլումի ուխտավայրին աւերակները` Կասիոս լերան լանջին. 1938-էն ասդին թրքական հողերու մաս կը կազմէ, նկարը առնուած է «Կուկըլ ըրթ»-էն:
Պարլումի ուխտավայրին աւերակները` Կասիոս լերան լանջին. 1938-էն ասդին թրքական հողերու մաս կը կազմէ, նկարը առնուած է «Կուկըլ ըրթ»-էն:
Այս հարուածը պատմական է համայն հայութեան համար, պահ մը կարելի է նմանութեան եզրեր գտնել Ատանայի աղէտին հետ, հոս զոհեր չկան, սակայն կայ սերունդներու կեանքը մաշեցուցած վաստակի մը թողօնը, որ ակնթարթի մը մէջ բռնագրաւուեցաւ:
Ապրող նահատակներ են համայն Քեսապէն տեղահանուած  աւելի քան վեց հարիւր ընտանիքները, այս պարագային աւելի բախտաւոր կը նկատուին ննջեցեալները, որոնց շարժուն եւ անշարժ հարստութիւնը ժառանգ կը մնայ իրենց զաւակներուն, անոնք հիմա հանգիստ կը ննջեն այն հողին մէջ, որ ապրեցան եւ մշակեցին ու չտեսան այս պատուհասը:
Աղէտը համասփիւռ է եւ համահայկական:
Ձեռնածալ մնալու չէ, սփիւռքահայ մեն մի հայորդիի պարտքն է, իր ապրած հողին վրայ ոտքի կանգնիլ եւ ցուցական միջոցներով համայն աշխարհին բացայայտել եւ դատապարտելու հրաւիրել թրքական ներխուժումը Քեսապի գաւառին մէջ:
Մաղթենք, աշխատինք եւ աղօթենք, որ Քեսապի տեղահանութիւնը պատմութեան անցնի, ինչպէս պատահեցաւ հարիւրամեակ մը առաջ, աքսորը դէպի Սալթ եւ վերադարձը Կասիոսի լանջին:
«Մարտահրաւէր» յաճախակի գործածուած բառը, կ՛իմաստաւորուի այս պատմական տխուր պահուն:
Հայրենի պետութենէն դերակատարութիւն կը սպասուի, այս աղէտը օր առաջ թօթափելու համար:
Պահը ահազանգային է

                                                                                                     Published in 
 

No comments:

Post a Comment